2013-11-14 08:54:12

Սուրբ Երկիր` ''Խաղաղութեան 9-րդ Մարաթոն''։


Հինգշաբթի 14 նոյեմբերին Սուրբ Երկրի մէջ կազմակերպուած է` 12 քմ տարածութեան ''Խաղաղութեան Մարաթոնի'' 9-րդ հանգրուանը, որ մեկնելով Բեթղեհէմէն կը հասնի Երուսաղէմ։
Մարաթոնին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, աշխարհի զանազան քաղաքաներէ Սուրբ Երկիր ժամանած ուխտաւորներ, մարզիկներ եւ Սուրբ Երկրի մէջ գործող միջազգային եւ իտալացի կամաւորական կազմակերպութիւններու անդամներ։
Վերոյիշեալ ձեռնարկը յատուկ առիթ մըն է Պաղեստինցիներուն առանց անձնագիրի հսկողութեան մտնելու Իսրայել ինչպէս նաեւ Իսրայելցիներուն այցելելու Բեթղեհէմը։ Վերջին երկու տարիներուն Մարաթոնը որդեգրած էր ''ՅՊԲ-ի խաղեր'' անունը։








All the contents on this site are copyrighted ©.